2016-05-07 09:49:00

Կարդինալ Թոռանի պատգամը Պուտայականներու ''Վեսախ''`ի տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Վեսախի''` լոյսի տօնին առթիւ, կարդինալ Թոռան` նախագահը Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, աւանդութեան համաձայն պատգամ մը ուղղած է  պուտտայականներուն  սիրալիր բարեմաղթութիւններ փոխանցելով անոնց  մինչ  կը տօնախմբեն ''Gautama Buddha-ի երեք նշանակալից դէպքերը. ծնունդը, լուսաւորութիւնը ու մահը։

''Ձեզի կը մաղթենք խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ ցնծութիւն ձեր սիրտերուն, ընտանիքներուն ու երկրներուն'' գրած է պատգամին մէջ Կարդինալ Թոռան  յայտնելով թէ  ''այս տարուայ պատգամը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Պապի  ''Laudato si'' հասարակաց տան խնամատարութեան հայող շրջաբերական թուղթէն, ուր ան կ`ընդգծէ . ''արտաքին անապատները կը բազմապատկուին աշխարհի մէջ, որովհետեւ ներքին անապատները դարձած են լայնածաւալ''։

Կարդինալ Թոռան ապա ընդգծած է թէ ''բնապահպանութեան տագնապը  ցնցիչ հրաւէր մըն է ներքին դարձի'' ու մէջբերած է Սրբազան Քահանայապետի թելադրանքը թէ '' դաստիարակութիւնը ապարդիւն ու ամոլի պիտի ըլլայ եթէ չմտահոգուինք մարդ էակով, անոր կեանքով, ընկերութեամբ ու բնութեան հետ կապին''։

''Սիրեցեալ բարեկամներ, դուք եւս դրսեւորեցիք այս ուղղութեամբ կլիմայի վատթարացումին հայող ձեր մտահոգութիւնը, ի յայտ դնելով որ բնապահպանութեան տագնապին կեդրոնը ''Ես''-ի տագնապ է, որ կ՛արտայայտուի մարդկային էակի  ընչաքաղցութեամբ, ապրած անձկութեամբ, ամբարտաւանութեամբ ու տգիտութեամբ։ Հետեւաբար մեր կենցաղը, մեր ակնկալութիւնները պէտք է բարեփոխել յաղթահարելու բնութեան վատթարացումը'' գրած է ապա կարդինալ Թոռան եւ հաստատած ''երբ երկիրը հիւանդանայ  մենք եւս կը հիւանդանանք, քանի երկրի անբաժան մէկ մասն ենք։  Հարկաւոր է ստեղծել ''բնապահպանական քաղաքացիուիւն մը'' այն երկիրներու մէջ ուր պուտտայականներն ու քրիստոնեաները միասնաբար կ`ապրին ու կող-կողքի կ`աշխատին։ Մենք կարող ենք սատարել բնութեան առողջապահութեան`  դաստիարակչական միատեղ յայտագիրներով գրած է Կարդինալ Թոռան իր պատգամին մէջ որուն աւարտին հրաւէր ուղղած է միասնաբար համագործակցելու, ազատագրելու համար մարդկութիւնը բնութեան ու կլիմայի հիւանդութիւններէն ու ցաւերէն, ու նպաստելու հասարակաց տան խնամատարութեան։

Այս ոգիով, ձեզի կը մաղթենք անգամ մը եւս խաղարար եւ ուրախալի Վեսախի տօնախմբութիւն գրած է Կարդինալ Թոռան եզրափակելով իր պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.